2014-12-19 09:47:42

Սուրբ Ծնունդի տօնածառի եւ մսուրի բացում` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) 1982էն ասդին, Սուրբ Ծնունդի տօնի առթիւ, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կը զետեղուի Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող՝ հսկայական մսուր եւ կաղանդի տօնածառ մը։
Այս տարուայ տօնածառը նուէրն է հարաւային Իտալիոյ Քալապրիա մարզին, իսկ մսուրը Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Վերոնա քաղաքին։

Հարաւային Իտալիոյ Քալապրիա Մարզէն եկող` 25.5 մեթր բարձրութեամբ Մայրենիի տօնածառը Վատիկան ժամանած էր անցեալ 4 դեկտեմբերին եւ տեղադրուած էր ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Անոր զարդարանքը հոգացած են Վատիկանի պարտէզներու սպասարկութեան եւ թեխնիքական սպասարկութեան անձնակազմը։
Ուրբաթ, 19 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, սուրբ Պետրոսի հրապարկին վրայ, տեղի կ՛ ունենայ տօնածառի լուսաւորումի արարողութիւնը ներկայութեամբ` Վատիկանի Քաղաքի տեղապահ՝ Կարդինալ Ճուզէփփէ Պերդելլոյի ինչպէս նաեւ Քալապրիա մարզի քաղաքական եւ քաղաքացիական ներկայացուցիչներուն։
Իսկ գալով Մսուրին` անոր մէջ տեղադրուած են հսկայական 20 արձաններ. Մսուրը ունի 24 մեթր երկայնք, 12 մեթր լայնք եւ 8 մեթր բարձրութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.